Հեղինակներ
Aylin Vartanyan

Aylin Vartanyan

Ինքնապաշտպանութեան լուռ մանկավարժութիւնը

Ինքնապաշտպանութեան լուռ մանկավարժութիւնը

Jun 05, 2026

Մեզի արտօնուած էր դասարանին մէջ երգելով վազվզել, ցատկրտել. շատ լաւ ժամանակ կ՚անցնէինք։ Տարիներ ետք, երբ երգը միտքս ինկաւ, հասկցայ, որ անիկա արգիլումի երգ էր։ Աւելի տխուրը այն էր, որ հասկցայ, թէ ինչպէ՛ս արգիլումը արմատներ նետած էր մեր փոքրիկ մարմիններուն մէջ՝ ուրախութեան ճամբով։ Մեր մանկութիւնը կասկածի տակ չդրաւ երգը։

Հայկական ասեղնագործութեան մատնալեզուն

Հայկական ասեղնագործութեան մատնալեզուն

May 15, 2026

Նման փոքրիկ իրեր։ Սակայն ամբողջ աշխարհներ կը գոյատեւեն անոնց մէջ։ Սաթենիկին ձեռքերը դպած էին այն թելերուն նախքան մահը։ Տասնամեակներ ետք, Վալոմա կը դպչի նոյն հիւսքին։ Հիւսուածքը կը դառնայ հանդիպման վայր։ Նիւթը կը դառնայ վկայ։

Ո՞ւր սորվեցանք չտեսնել. հայեացքի ու մարմնի վրայ կառուցուած իշխանութիւն

Ո՞ւր սորվեցանք չտեսնել. հայեացքի ու մարմնի վրայ կառուցուած իշխանութիւն

Mar 21, 2026

Ճէֆրի Էփսթինի դատին նայելով, յաճախ նոյն հարցը կու տանք՝ «Ինչպէ՞ս տարիներ շարունակ ոչ ոք տեսաւ կատարուածը»։ Թերեւս հարկ է հարցնել աւելի դժուար հարցումը՝ ո՞ւր սորվեցանք չտեսնել։

Չմոռցող տուներ

Չմոռցող տուներ

Jan 22, 2026

Ֆիլմը դիտած ժամանակս մէջս խորապէս ծանօթ զգացում մը յառաջացաւ, որովհետեւ, ինչպէս բոլորս գիտենք, կարգ մը տուներ դժուար կը մոռցուին։ Կան սենեակներ, որոնց յուշերը կը մնան անեղծ՝ ըլլան անոնք բնակուած թէ՛ անբնակ։ Կան վայրեր, որոնք կը պահպանեն իրենց պատմութիւնները՝ նոյնիսկ, երբ ձեռքէ ձեռք կ՚անցնին… Ահա թէ ինչո՛ւ տունը լոկ յետնամաս չէ, այլ յիշողութեան գործուն ենթակայ մը։

Մազ, մարմին եւ տիրապետութիւն

Մազ, մարմին եւ տիրապետութիւն

Oct 26, 2025

Երկար, հիւսուած մազերով հայ կանանց լուսանկարներ կը տեսնենք առաւելաբար 1915 թուականէն առաջ առնուածներու մէջ։ 1915-էն ետք, Հալէպի, ՊԷյրութի, Երուսաղէմի, Ալեքսանտրիայի, Կիպրոսի, Սիրոսի, Աթէնքի, Բիրէայի եւ շատ մը այլ վայրերու մէջ առնուած լուսանկարներու մէջ որբ եւ այրի վերապրող հայ կանայք եւ աղջիկներ կ՚երեւին կարճ կամ բոլորովին խուզուած մազերով, իսկ փոքրեր՝ յատուկ կերպով ածիլուած։ Կանանց եւ երիտասարդուհիներուն մազերը կտրելը միջոց մըն էր թաքցնելու անոնց կանացիութիւնը:

Կենսատու պատմութիւններ, խմորուած յուշեր

Կենսատու պատմութիւններ, խմորուած յուշեր

Jul 03, 2025

Գոհարիկ մեծմամայիս մասին ամէնէն վառ յուշերս իր մշտաշարժութիւնն ու կերակուր պատրաստելու բացառիկ ձիրքն են։ Ան կրնար տան մէջ գտնուած որեւէ ուտելիք քով-քովի դնել եւ համեղ ճաշ մը պատրաստել։ Մեծմայրս այնպիսի անձ մըն էր, որ իր կեանքը կ՚իմաստաւորէր անդադար ճաշ պատրաստելով եւ սիրելիներուն կերակրելով (երբեմն ստիպողաբար)։ Թերեւս այսպիսով ան գտած էր ընտանիքին պատմութիւնները (չ)պատմելու կերպը։ Ուրսուլա Քէյ Լը Կուէն քննական մօտեցում ցուցաբերեց գրականութեան մէջ հերոս հասկացութեան նկատմամբ՝ իր «Տոպրակ-պայուսակի տեսութիւնը ստեղծաբանութեան մէջ» փորձագրութեան մէջ։

Անվերջ փնտռտուք. ո՞ւր է տունը

Անվերջ փնտռտուք. ո՞ւր է տունը

Dec 08, 2024

«Յանկարծ» անկախ թատերախումբի երեք շրջաններու վրայ տարածուած եւ Պոլսոյ տարբեր բեմերու վրայ ներկայացուած Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներում է» մրցանակակիր փիեսը, Թ. Տեմիրճիօղլուի եւ Եղիա Աքկիւնի բեմադրութեամբ, խորապէս ներթափանցեց հանդիսատեսներուն սրտերը։ Թատերախումբին Հայաստան շրջագայումէն ետք, վաւերագրական ֆիլմ մը պատրաստելու միտքը մէջտեղ եկաւ, անդրադառնալով ներկայացման ընթացքին արծարծուած նիւթերուն, ինչպէս՝ պատկանելիութիւն, արմատ, տան բաղձանք եւ ապահովութեան զգացում։

«Կինէ կին» միասնութիւն ընդդէմ կենտերային բռնութեան

«Կինէ կին» միասնութիւն ընդդէմ կենտերային բռնութեան

Oct 10, 2024

Այս տարի, Հրանդ Տինք միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը վերածուեցաւ կիներու տօնակատարութեան եւ ապա ստեղծեց արծարծման տարածք մը, ուր կրցանք խօսիլ «կինէ կին» միասնութեան չափանիշներու մասին։ Երբ հարցը կը վերաբերի սփիւռքահայ կիներու, բաւարար տարածք չունինք հանրային վայրերու մէջ կանանց դէմ բռնութեան մասին խօսելու։ Կանանց եւ աղջիկներու դէմ բռնաճնշման տարբեր կիրառումներ, որոնք փակ դռներու ետին կը մնան, կրնան լռութեան մէջ թաղուիլ։

Մատամ Մարթան եւ շահագործութեան պատմութիւն մը

Մատամ Մարթան եւ շահագործութեան պատմութիւն մը

Jun 18, 2024

Մարթային, որուն անունով կը կոչուի ծովաբերանը, պատմութիւնը յիշելը թերեւս կ՚օգնէ մեզի հասկնալու ծովեզերքին վերջին իրադարձութիւնները։ Յատկանշական զուգահեռներ կ՚երեւին կնոջ մարմինը առարկայացնող եւ շահագործող դիտանկիւնին եւ Մարթա ծովաբերանին նման հազուագիւտ ծովեզերքի մը տիրանալու եւ իշխելու ցանկութեան միջեւ։ Մարթա Արաթը լիբանանահայ կին մըն էր, 1920 թուականին ծնած։ Ան Պոլիս եկած է փոքր տարիքէն՝ հօրը՝ Պանք Օթոմանի մէջ պաշտօնի կանչուելէն ետք։ Ուսումը ստացած է Սեն Պէօնուայ բարձրագոյն վարժարանին մէջ։

Կրնա՞նք լուսաւորել մեր մութ ապագան

Կրնա՞նք լուսաւորել մեր մութ ապագան

May 03, 2024

«23,5 Հրանդ Տինք յի­շողու­թեան վայր»-ը 20-27 Ապ­րի­լին իր դռնե­րը բա­ցաւ Ապ­րիլ 24-ը տար­բեր ձեռ­նարկնե­րու ճամ­բով ոգե­կոչել փա­փաքող­նե­րու դի­մաց։ Այս ծի­րին մէջ առիթ ու­նե­ցայ վա­րելու «24 Ապ­րիլ 1915. Իս­թանպուլ, Չան­ղը­րը, Այաշ, Ան­գա­րա» գիր­քի հե­ղինակ Նե­սիմ Օվա­տիա Իզ­րայիլի նիս­տը։ Նիս­տի աւար­տին, հե­ղինա­կին գլխա­ւորու­թեամբ յի­շողու­թեան շրջա­գայում մը ու­նե­ցանք Պոլ­սոյ թա­ղերուն մէջ եւ այ­ցե­լեցինք վեց մտա­ւորա­կան­նե­րու տու­նե­րը, ուրկէ ձեր­բա­կալո­ւած էին՝ Այաշ կամ Չան­ղը­րը աք­սո­րուե­լու, 24 Ապ­րիլ 1915-ին։ Այս վեց մտա­ւորա­կան­նե­րէն ոմանք վե­րապ­րե­ցան, ու­րիշներ ալ մա­հուան են­թարկո­ւեցան։ Նիս­տին յա­ջոր­դող յի­շողու­թեան լռիկ շրջա­գայում մը կա­տարե­լու գա­ղափա­րը թե­րեւս մէջ­տեղ եկաւ ծի­սական տա­րածք մը ստեղ­ծե­լու եւ հա­ւանա­բար մար­տահրա­ւէր­նե­րով լե­ցուն այս աշ­խարհին մէջ մեր կա­րողու­թիւնը ընդլայ­նե­լու հա­մար։