Հեղինակներ
Lerna Babikyan

Lerna Babikyan

Դաշտը. պարով կենդանացած ուսման կենսոլորտ

Դաշտը. պարով կենդանացած ուսման կենսոլորտ

Feb 09, 2026

Փոքր տարիքէ, մենք ենթարկուեցանք կրթութեան մը, որ միատեսակ գիտութիւն ջամբեց, հեռացուց մեզ մեր ներքին դաշտերէն եւ արգիլեց մեզի մեր ռիթմը եւ պահանջները լսելէ՝ միաժամանակ մեզ հեռացնելով ստեղծականութենէ եւ քննական մտածողութենէ

Նոր կեանքի մէջ ամբողջականութեան ձգտումով. սահմաններ եւ նուրբ գիծեր

Նոր կեանքի մէջ ամբողջականութեան ձգտումով. սահմաններ եւ նուրբ գիծեր

Nov 20, 2025

Ժամանակի ընթացքին, երբ մարդիկ գաղթեցին կամ տեղափոխուեցան եւ իրենց սնուցած հողերէն հեռացան, որոշ ծէսեր անհետացան, ուրիշներ ալ ձեւափոխուեցան, իսկ անհատի՝ իր մարմինին եւ շրջապատին հետ յարաբերելու ձեւը փոխուեցաւ։ Այս փոխակերպումներուն եւ կորուստներուն արձագանգները նաեւ հասարակական կեանքին մէջ արտայայտուեցան։ Գաղութատիրական-դրամատիրական կարգը, որ կ՚ոչնչացնէ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցողը ու կը պարտադրէ իր սեփական համակարգն ու գոյութեան հայրիշխանական վիճակը, տարածք մը կը ստեղծէ տնտեսութեան ու մշակոյթին մէջ իր սեփական գոյութեան համար՝ մէկ խօսքով, կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ եւ միայն այն անհատներու եւ գործելակերպերու համար, որոնց գաղութատէրը կը համաձայնի։

Անտեսանելի ըլլալու ապահովութիւնը

Անտեսանելի ըլլալու ապահովութիւնը

Jun 19, 2025

Հօրենական մեծհայրս՝ Ստեփանը, 1915-էն պրծած է Թոքաթ-Էրպայէն՝ փախչելով կնոջական հագուստներով եւ դէմքը ցեխածածկ՝ քանի մը կին ազգականներու եւ դրացիներու օգնութեամբ եւ աղօթքով։ Ան այդպէս փախած է, որպէսզի անտեսանելի մնայ. «մի՛ տանիք զայն, ան տգեղ է» խօսքերը ազատած են զինք՝ դարձնելով վեց զաւակներով ընտանիքի միակ փրկուողը, 7 տարեկանին։ Մօրենական մեծհայրս՝ Սարգիսը, ծնած է Սինոպ-Կերզէ, զամբիւղագործութեամբ եւ գիւղատնտեսութեամբ զբաղող ընտանիքի մը մէջ։ Փոքրուց հայերէն չէ սորված ու մեծցած է ինքնութիւնը թագցնելու նշանակութիւնը կարեւորուած գտնելով։ Երբ երբեմն իր յուշերուն մասին կը հարցնէի, անմիջապէս չէր պատասխաներ, յետոյ կամաց-կամաց կը յիշէր իր գիւղի բնութեան գեղեցկութիւնը եւ վերջապէս կը սկսէր խօսիլ տհաճ յուշերուն մասին։

Ուրուական մարմիններ հողին կը վերամիանան

Ուրուական մարմիններ հողին կը վերամիանան

Sep 05, 2023

Շա­­տոնց դադ­­րած եմ Թուրքիոյ ան­­կախ պա­­րարո­­ւես­­տի ոլոր­­տին տա­­փակ ու մունջ մի­­ջավայ­­րին գոր­­ծե­­­րուն հե­­տեւիլ։ Մի­­ջավայ­­րը խոր­­քին մէջ 2010 թո­­ւակա­­նէն ի վեր սկսած է աս­­տի­­­ճանա­­բար ան­­յայտա­­նալ։ Եւ այս հա­­զուա­­դէպօ­­րէն ցու­­ցադրո­­ւող գոր­­ծե­­­րը յա­­ճախ հե­­ռու են քա­­ղաքա­­կանու­­թե­­­նէն, պա­­րարո­­ւես­­տի մէջ նո­­րու­­թիւններ բե­­րելէն եւ կամ կը ցու­­ցադրո­­ւին սուղ ծա­­խուած տոմ­­սա­­­կով, բազ­­մա­­­թիւ հո­­վանա­­ւոր­­ներ ու­­նե­­­ցող արուես­­տի փա­­ռատօն­­նե­­­րու մէջ՝ Արեւ­­մուտքին հա­­մար դա­­սական ոճի ներ­­կա­­­յացումնե­­րով։