Պարող եւ պարադրող Միհրան Թովմասեանի եւ երաժիշտ Սարօ Ուստայի «ՍԱՐ» ներկայացումը, որ առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 2015-ին, «Չըպլաք Այաքլար Քումբանիասը»-ի արտադրութեամբ, վերջերս յատուկ ներկայացում մը ունեցաւ։ Մեզի համար ներկայացումը եւ անոր յաջորդած քննարկման նիստը շատ բան կը բացայայտէ Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալու փորձառութեան առնչութեամբ, եւ անոր մասին կ՚ուզենք բաժնեկցիլ «Ակօս»-ի ընթերցողներուն հետ։
«Գանձը»-ին մէջ երեք տիպարներ կան. Թորգոմը՝ վերակացուն, Լեւոնը՝ երբեմն Քեսապցի երբեմն ալ հսկիչ կոչուող եւ Ճամմալը՝ Հալէպցին, որ մասնագիտական կոչում մը չունի։ Անոնք կ՚աշխատին Պէյրութի մէկ շինարարական վայրի մը մէջ։ Լեւոնը կ՚իմանայ, որ շինարարական վայրին մէջ գանձ մը կը գտնուի եւ Թորգոմին կը դիմէ, որպէսզի վերջինս իրեն օգնէ փորելով հողը։ Այս երկուքին միանալով Ճամմալ, երեքով կ՚անցնին երեկոները գետինը փորելու եւ գանձը յայտնաբելու գործին։
Գրեթէ վստահ ենք, որ Կոմիտաս խզեց իր ընկերներուն հետ կապը՝ մանաւանդ անոնց հետ, որոնք պատճառ դարձան իր հոգեբուժարան մտնելուն։ Սակայն ճիշդ չէ այն վարկածը, թէ Կոմիտաս բնաւ չէ խօսած։ Իսկ եթէ ճիշդ չէ, ապա ինչո՞ւ ընդունուած է այս վարկածը։