Հեղինակներ
Talin Suciyan

Talin Suciyan

Գաղութատիրական կարգը. հայրիշխանութեան եւ սպիտակներու ժամանակը

Գաղութատիրական կարգը. հայրիշխանութեան եւ սպիտակներու ժամանակը

Apr 18, 2026

Ի՞նչ նմանութիւններ կան Ֆրանց Ֆանոնի եւ Զաւէն Պիպեռեանի միջեւ։ Երկուքն ալ իրենց ժամանակի հանրածանօթ մտաւորականներու շարքին կը պատկանէին,­— եւ հաւանաբար իրենց համապատասխան ոլորտներուն ամէնէն ազդեցիկ անձերէն էին,— այսուհանդերձ երկուքն ալ ապրեցան լուսանցքայնացած, չհասկցուած, անտեսուած, մինչեւ իսկ ամբաստանուած ըլլալու ճակատագիրը։

Գաղութատիրական կարգը. Էփսթիններու հետ մեծնալով

Գաղութատիրական կարգը. Էփսթիններու հետ մեծնալով

Mar 05, 2026

Այսպիսի ոճիրներու դիմաց զարմանքէն ցնցուիլը կը պահանջէ արհամարհել սպիտակներու կողմէ դարեր շարունակ կուրօրէն գործադրուած գաղութատիրական բռնութիւնը։ Մինչ 20-րդ եւ 21-րդ դարերու գաղութատիրական գիտութիւնը մեր աչքերէն քօղարկուեցաւ ազգայնական տեսութիւններով, կայսրութիւններ ազգ-պետութիւն դարձան եւ այդ գիտութիւնը վերածուեցաւ սպիտակութեան գերակայութեան հիմնաքարի։ Էփսթինի երեսին ուրուագծուած ժպիտը, անոր յենարանը, այս կուտակցուած գիտութիւնն է։

«Սար». Լերան մէջէն, լեռին դէմ եւ կողքին

«Սար». Լերան մէջէն, լեռին դէմ եւ կողքին

Jan 08, 2026

Քանի՞ հայեր այդ պահերուն ձեւով մը թեթեւ զգացին՝ միաժամանակ ճնշուած ըլլալով մեղանչած ըլլալու զգացումով։ Անոնց ստեղծած արժէքները պահպանելու անկարողութիւնը պատմական ժառանգութիւն մըն է, որ յաճախ երբէք չի ճանչցուիր։

Մազ, մարմին եւ տիրապետութիւն

Մազ, մարմին եւ տիրապետութիւն

Oct 26, 2025

Երկար, հիւսուած մազերով հայ կանանց լուսանկարներ կը տեսնենք առաւելաբար 1915 թուականէն առաջ առնուածներու մէջ։ 1915-էն ետք, Հալէպի, ՊԷյրութի, Երուսաղէմի, Ալեքսանտրիայի, Կիպրոսի, Սիրոսի, Աթէնքի, Բիրէայի եւ շատ մը այլ վայրերու մէջ առնուած լուսանկարներու մէջ որբ եւ այրի վերապրող հայ կանայք եւ աղջիկներ կ՚երեւին կարճ կամ բոլորովին խուզուած մազերով, իսկ փոքրեր՝ յատուկ կերպով ածիլուած։ Կանանց եւ երիտասարդուհիներուն մազերը կտրելը միջոց մըն էր թաքցնելու անոնց կանացիութիւնը:

Վերյիշելով ջուլհակութիւնը

Վերյիշելով ջուլհակութիւնը

Sep 25, 2025

Ջուլհակութիւնը Հրաչ Կէօզիւպէյուքեանի ժառանքն էր իր հօրմէն։ Հայրը այս արուեստը սորված էր Հալէպ՝ գաղթակայանի վերապրած կիներէ։ 1977-ին, Հրաչ Պէյրութէն կը տեղափոխուի Քալիֆորնիա, ուր իր հօր հետ կը շարունակէ գորգի նորոգութեան գործը։ Երբ Հրաչը իր հաւաքածոյէն գորգեր հանեց եւ սկսաւ մեզի համար անոնց պատմութիւնները մէկիկ-մէկիկ «կարդալ», նկատեցի, որ որքա՜ ն պակասը ունինք նման հիմնական գիտութեան մը եւ թէ որեւէ ջանք պիտի չբաւարարեցնէ այս բացը գոցելուն։ 1920-ականները եղան այն ժամանակաշրջանը, երբ հայ կանայք դադրեցան ջուլհակներ ըլլալէ։ Խորարմատ գիտելիքներու սերունդէ սերունդ փոխանցումը ընդհատուեցաւ ու հայ կիներու ձեռքէն խլուեցաւ հիւսելու գիտութիւնը Ասոր յաջորդեց ճարտարարուեստականացումը եւ այնուհետեւ՝ գաղթականութիւնն ու աժան աշխատուժը։

Պատմութեան հրեշտակները՝ մեր մեծ մամաները

Պատմութեան հրեշտակները՝ մեր մեծ մամաները

Mar 27, 2025

Պոլսէն դուրս ծնած մեծ մամաներուն յարաբերութիւնը հայերէն լեզուին հետ նոյնպէս չափազանց հետաքրքրաշարժ էր։ Ոմանք բնաւ չսորվեցան լեզուն, ուրիշներ ալ ամչցան իրենց խօսած գաւառաբարբառով։ Բարբառներու արագ կորուստին մէջ մեծ դեր խաղացած է Պոլսոյ հայերէնը մայրենիի իտէալ եւ ամէնէն գեղեցիկ տարբերակը համարող սխալ համոզմունքը։ Սփիւռքի մեր ընկերուհիներու մեծ մամաներուն պատմութիւնները մերիններէն տարբեր են։ Հալէպ-Պէյրութ բռնագաղթի ճամբան բռնած կամ Միացեալ Նահանգներ գաղթած մեծ մամաները ունին Թուրքիա մնացածներէն տարբեր պատումներ։

Պոլսահայ կինը իբրեւ կատարողական կուռք

Պոլսահայ կինը իբրեւ կատարողական կուռք

Feb 27, 2025

Պոլսահայ կնոջմէ ակնկալուածը անուանակոչութեան տօներուն ճաշասեղան պատրաստել, ազգականներ հիւրընկալել, լաւ ուտելիք եփել, մեծ ընտանիքը համախմբել, տունը մաքուր ու կոկիկ պահել եւ միշտ խնամուած ու վայելուչ ըլլալն է։ Այլ խօսքով, պոլսահայ կինը պէտք է կատարելութենէ վեր անձ մը ըլլայ։

Մենաշնորհումի կազմախօսութիւն մը. Պոլսահայութիւնը

Մենաշնորհումի կազմախօսութիւն մը. Պոլսահայութիւնը

Jan 30, 2025

Հայերու Պոլիս ժամանումը, բիւզանդական թէ՛ օսմանեան ժամանակահատուածներուն, տեղի ունեցաւ կեդրոնի մէջ ուժի տէր անձանց եւ կառավարիչներու կամքով։ Ջալալիներու ապստամբութենէն դէպի արեւմուտք փախչող հայեր Պոլսոյ մօտակայքը տեղակայուեցան, բայց քաղաքը դիւրաւ չբացաւ իր դռները անոնց դիմաց։ 19-րդ դարուն, գաւառէն հայ այրեր կարողացան մայրաքաղաք երթալ աշխատելու համար որպէս աժան օրավաստակ բանուորներ, բեռնակիրներ, հացագործներ։ 20-րդ դարուն, իրերայաջորդ աղէտներէ ետք, «Տէր Սաատէթ»ը իր դռները կարճ ընդմիջումներով բացաւ ջարդերէ ու տեղահանութիւններէ փրկուած կանանց ու որբերու դիմաց։

Վերապրումը՝ իբրեւ արուեստի գործ

Վերապրումը՝ իբրեւ արուեստի գործ

May 29, 2024

Հա­յերը Միացեալ Նա­հանգներ սկսած են գաղ­թել 1915 թո­ւակա­նէն շատ առաջ՝ չա­րաշա­հող հար­կե­րու եւ գա­ւառ­նե­րու մէջ գոր­ծադրո­ւող այլ ճնշո­ղական քա­ղաքա­կանու­թիւննե­րու հե­տեւան­քով։ Այս գաղ­թօ­ճախ­նե­րուն ամէ­նէն նշա­նաւո­րը Ֆրեզ­նօն է, Ուի­լիամ Սա­րոյեանի ծննդա­վայ­րը։ Միւ­սը, բնա­կանա­բար, Ֆի­լատել­ֆիան է, ուր մին­չեւ օրս մեծ թի­ւով հայ ըն­տա­նիք­ներ կ՚ապ­րին։ Ֆի­լատել­ֆիոյ հայ ըն­տա­նիք­նե­րը բազ­մա­թիւ նա­մակագ­րութիւններ եւ նկար­ներ ու­նին Օս­մա­նեան նա­հանգնե­րուն մէջ ապ­րած իրենց ազ­գա­կան­նե­րուն հետ, այլ խօս­քով՝ ըն­տա­նեկան ար­խիւներ, որոնք փաս­տա­թուղթեր են 20-րդ դա­րու սկիզ­բի հա­յերուն առօ­րեային մա­սին։

Մարկ Նշանեանին հետ հայկական գրականութիւն, աղէտ եւ աղէտի ներկայացում

Մարկ Նշանեանին հետ հայկական գրականութիւն, աղէտ եւ աղէտի ներկայացում

Apr 02, 2024

Թէեւ Օշա­կանի ընտրած կեր­պարներն ու նիւ­թե­րը այն տպա­ւորու­թիւնը կու տան, որ զուտ հայ­կա­կան ըն­տա­նեկան հարց մըն է եղա­ծը, բայց խոր­քին մէջ այս ըն­տա­նիքը պարզ ըն­տա­նիք մը չէր, այլ՝ կայսրու­թեան կեդ­րո­նին հետ կա­պեր ու­նե­ցող երե­ւելի ըն­տա­նիք մըն էր, իսկ տոհ­մին շա­րու­նա­կակա­նու­թիւնը ապա­հովե­լու ջան­քե­րը ուղղա­կիօրէն կա­պուած են կեդ­րո­նին հետ կապ ու­նե­նալուն եւ Օշա­կանին ընտրու­թեան հետ։ Ասոր կող­քին, 19-րդ դա­րու հայ ըն­տա­նիք­նե­րուն ամէ­նէն կա­րեւոր զար­գա­ցու­մը այն էր, որ գա­ւառի կամ «երկրի» հայ ըն­տա­նիք­նե­րը, որոնց օրա­պահի­կը գիւ­ղա­տն­տե­սու­թե­նէն կա­խեալ էր, սկսան մաս­նա­տուիլ պանդխտու­թեան հե­տեւան­քով։