Այս յօդուածը կը գրեմ շաբաթներ առաջ «Եսայեան Սրահ»-ի կազմակերպած ձեռնարկի մը ընթացքին Ս. Աստուածածին տաճարը իբրեւ «Անատոլիոյ մէջ Պալեանի ճարտարապետութեան հիանալի օրինակ մը» ներկայացուելուն առիթով։ Աւելին, որովհետեւ հարկ կը զգամ, որ վերատեսութեան ենթարկուի «Անատոլու Քիւլթիւր»-ի յետերկրաշարժեան տեղեկագրին մէջ հետեւեալ կարդածս՝ «Կը տեսնենք, որ Սարգիս Պալեանի [...] այս մեծածաւալ կառոյցին մէջ ան կիրառած է նաեւ եռայարկ վերնատան փորձը»։ Արդարեւ, երբ Էլմոն Հանճերի վերջերս «Ակօս»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ կարդացի, որ Սարգիս Պալեանի կողմէ կառոյցին յատակագիծը ընդարձակուած է մէկուկէս անգամով, կարեւոր նկատեցի այս նիւթը արծարծելս։
Ինծի համար այս ջութակը երկու աշխարհներու միջեւ խրուած կեանքերու յուշն էր՝ կնոջ մը կեանքը, որ անցեալի ծանրութիւնը շալկած պայքարեցաւ նոր կեանքին յարմարուելու եւ՝ նախահայրերուս, որոնք, ի հեճուկս ամէն բանի, վերապրեցան, ապրեցան եւ սիրեցին կեանքը։ Այս ցուցահանդէսով կը յուսամ, որ լոյս աշխարհ կը բերեմ անկողինի տակ պահուած լուսանկարներն ու ջութակը, անցեալի ցաւը, կորուստներն ու անցեալի մոռցուած պատմութիւնները՝ յոյսին քիչ մը աւելի մօտենալով։
Այս տարի, Տեառնընդառաջը կը նշենք 14 փետրուարին, իսկ Ս. Սարգիսի տօնը՝ 15 փետրուարին։ Չեմ գիտեր եթէ այս երկուքը 14 փետրուարին նշուող սիրահարներու տօնին առնչուած են, բայց հայերուն համար անոնք կապուած են յոյսի, բեղմնաւորման, ամուսնութեան եւ մաքրագործման, ինչպէս նաեւ՝ հողի եւ բերքի հետ։
Իր ինքնակենսագրութեան մէջ, Սարեան կը նշէ, որ շուները Պոլսոյ փողոցներուն անքակտելի մասնիկներն էին եւ թէ մարդիկ հանդարտօրէն կ՚անցնէին շուներու անշարժ կղզիներու միջով։ Ան Պոլսոյ շուները կը նկարագրէ որպէս այդ ատենուայ քաղաքին ձեւաբանութեան (մորֆոլոգիայի) անբաժանելի մասնիկ։
Համիտի ջարդերէն ետք, 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 1915-էն ետք, որբանոցներու թիւին աճով, հայ կիներ եւ որբեր առաւելաբար զբաղած էին գորգագործութեամբ, միսիոնարներու կողմէ հիմնուած աշխատավայրերու մէջ։ Գորգագործութիւնը արհեստ մըն էր, որ կարգ մը որբ աղջիկներ սորված էին իրենց ընտանիքներէն։ Արհեստը իրենց ընծայած էր միասնութեան տարածք մը՝ բռնապետութեան հետեւանքով ամէն բան կորսնցնելէ ետք։ Փոխարէնը, ամերիկեան եւ եւրոպական միսիոնարութիւններու կողմէ անոնք շահագործուած էին որպէս աժան աշխատաձեռքեր։
Թլկատինցի, բուն անունով Յովհաննէս Յարութիւնեան, ծնած է 1860 թուականին, Խարբերդի հարաւը գտնուող Թլկատին գիւղը, որ ներկայիս Գույուլու վերանուանուած է։ Թլկատինցի առաւելաբար ծանօթ է իր յօդուածագրութեամբ, ճանապարհորդագրութեամբ, թատրերգութեամբ եւ կարճ պատմուածքներով։
Պարող եւ պարադրող Միհրան Թովմասեանի եւ երաժիշտ Սարօ Ուստայի «ՍԱՐ» ներկայացումը, որ առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 2015-ին, «Չըպլաք Այաքլար Քումբանիասը»-ի արտադրութեամբ, վերջերս յատուկ ներկայացում մը ունեցաւ։ Մեզի համար ներկայացումը եւ անոր յաջորդած քննարկման նիստը շատ բան կը բացայայտէ Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալու փորձառութեան առնչութեամբ, եւ անոր մասին կ՚ուզենք բաժնեկցիլ «Ակօս»-ի ընթերցողներուն հետ։
Վերջերս, հեռաձայնային կապով տեղեկացայ անակնկալ եւ ողբերգական մահուան բօթը իմ սիրելի փրոֆեսորիս, գործընկերոջս եւ մենտորիս՝ փրոֆեսոր, ճարտարապետութեան դոկտոր՝ Հերման Շլիմէին, որ Պերլինի Թեքնիքական համալսարանի Ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան պատմութեանց վարիչն էր։ Շլիմէ ղեկավարն էր Այնթապի Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մասին գրած աւարտաճարիս։ Ան էր զիս այս նիւթը ուսումնասիրելու մղողը եւ հայկական ճարտարապետութեան մէջ ասպարէզս կերտելու խրախուսողը։