Parrhesia
Որպէս Parrhesia Collective-ի անդամներ, խօսեցանք արտահանման գաղութատիրական կիրառութեան մասին եւ փորձեցինք խորանալ սեռականութեան դերերու մէջ (gender roles) անոր անդրադարձին։ Այս վարժանիստին ընթացքին ուզեցինք քննել սեռականութեան դերերու պահանջներու ենթարկուելուն մէջ հայ կնոջ զգացական բեռն ու ճիգը՝ մասնագիտական, առօրեայ եւ/կամ տնային կեանքին մէջ եւ բնիկի սովորութիւններուն ու ուզեցինք խորանալ այս գաղափարին մէջ։ Հաւատարիմ մնալով պատմութեան կառուցուածքին շրջանային մեթոտին, կարեւորեցինք աշխատաւորներու պատմութիւններուն, զգացումներուն, գիտութեան, մարմինին եւ աղբիւրներուն շահագործման մասին փոխանցելը, որոնց մեր առօրեայ եւ մասնագիտական կեանքին մէջ կ՚ենթարկուինք իբրեւ կին, ինչպէս նաեւ՝ լսել իրարու պատմութիւնները՝ աշխուժ կերպով եւ առանց դատողութեան։