Parrhesia
Parrhesia Collective-ը իր 7-րդ առցանց զրոյցը կատարեց սփիւռքահայ մտաւորական Մարկ Նշանեանին հետ:
Սփիւռքահայ մտաւորական Մարկ Նշանեան հայերէնի համալսարանական կրթութիւնը կը ստանայ Արեւելեան լեզուներու դպրոցին մէջ, իսկ փիլիսոփայական ուսման համար կ՚աւարտէ Սթրասպուրկի համալսարանը, ուր աշակերտած է Տեռիտայի առաջին սերունդի աշակերտներուն։ Նշանեան Փարիզի հայախօս մտաւորականութեան հետ շփումի մէջ մտած է՝ մանաւանդ Սարաֆեանի եւ Որբունիի գործերուն հետ։
Մ. Նշանեանի հրատարակութիւններուն կը պատկանին «Կամ»երու շարքը, որ սկսած է 1980-ին, ընդհատաբար հրատարակելով, եւ ներկայիս կը հրատարակէ այդ մէկը «Հանդէս վերլուծական» ենթավերնագիրով եւ ուր կը գտնենք թարգմանչական աշխատանքներ, ինչպէս՝ Ժորժ Պաթայլ, Նիցչէ։ Հրատարակած է Writers of Disaster (չորս մենաքրութիւններ Չարենցի, Գ. Մահարիի, Զ. Եսայեանի եւ Թոթովենցի մասին), Yeghishe Charents, Poet of the Revolution (Չարենցին նուիրուած ուսումնասիրութիւններ), Ages et usages de la langue Arménienne (Հայերէն լեզուի ոչ-լեզուաբանական պատմութիւն մը), La Perversion historiographique, La Re՛volution nationale, որ Writers of Disasterի առաջին հատորի ֆրանսերէն տարբերակն է, Le Deuil de la philologie։ «Պատկեր Պատում Պատմութիւն» շարքի Ա. հատորը՝ «Փիլիսոփայական բարեկամութիւն մը» խորագիրով, ի շարս այլոց։
1995-1996 թուականներուն Լոս Անճելըսի UCLA համալսարանի մէջ վարած է հայագիտական դասընթացք։ 1996-էն մինչեւ 2007-ը եղած է Քոլոմպիա համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ։ Այնուհետեւ, իբրեւ այցելու դասախօս գտնուած է Պոլիս, պաշտօնավարելով «Սապանճը» համալսարանի մէջ, ինչպէս նաեւ Պէյրութ՝ Հայկազեան Համալսարանի մէջ։