Parrhesia
20-րդ դարու վիպագրութեան ամէնէն տիրական դէմքերէն Զաւէն Պիպեռեանի ծննդեան 100-ամեակը նշեցինք անցեալ տարի։ Ան ապրած ու ստեղծագործած է Թուրքիա։ Գրողին՝ 20-րդ դարու վիպագրութեան մեծ ներդրումներն են իր վէպերէն՝ «Լկրտած»-ը, որ կարելի է գլուխ գործոց համարել եւ որ Պիպեռեան աւելի ուշ թրքերէնով ալ գրեց Yalnızlar (Եալնըզլար կամ Միայնակները) վերնագրով, «Մրջիւններու վերջալոյսը», որ կարելի է սեպել Թուրքիոյ պատմական փոփոխութիւնը յաջողապէս ցոլացնող ամէնէնկարեւոր վեպը, եւ «Անկուտի սիրահարներ»-ը։ Դեկտեմբեր 2021-ին, Փրոֆ. Նազան Մաքսուտեանը հիւրընկալեցինք՝ արծարծելու համար նման հարցումներ Զաւէն Պիպեռեանի կեանքին եւ գործին ընդմէջէն։ Մաքսուտեան դիտել կու տայ, Պիպեռեան կը մատնանշէ ժամանակի իր ընկալումին հետ կապուած կարեւոր հարցի մը՝ նշելով, որ ան կեանք մը գողցաւ երկու աղէտներու միջեւ. «կեանքիս մէջ պահեր եղած են, որոնք կարելի է բնութագրել իբրեւ ուրախալի՝ երկու աղէտներու միջեւ, սպասելով յաջորդին»։ Պիպեռեանի նկարագրութիւնը կ՚արտացոլացնէ հայկական ժամակայնութեան շրջադարձային յատկութիւնը գրեթէ վերջին երկու դարերու ընթացքին։