Հեղինակներ
Արիէլ Ճանիկեանին եւ իր «The Prospector» վէպին մասին
Meri Tek Demir

Meri Tek Demir

Mar 13, 2024

Արիէլ Ճանիկեանին եւ իր «The Prospector» վէպին մասին

The International Armenian Literary Alliance հայ գրա­­կանու­­թեան մի­­ջազ­­գա­­­յին միու­­թիւնը (ՀԳՄՄ), հա­­մագոր­­ծակցա­­բար Հայ­­կա­­­կան ու­­սումնա­­սիրա­­կան՝ National Association for Armenian Studies and Research հիմ­­նարկին, «Literary Lights» (Գրա­­կան լոյ­­սեր) խո­­րագի­­րով առ­­ցանց ծրա­­գիր մը կը կազ­­մա­­­կեր­­պէ։ Ծրա­­գիրը կը մի­­տի աշ­­խարհի տար­­բեր եր­­կիրնե­­րու մէջ ապ­­րող առա­­ւելա­­բար անգլե­­րէն լե­­զուով ար­­տադրող գրող­­ներ ներ­­կա­­­յաց­­նել։ ՀԳՄՄ-ը իր առա­­քելու­­թիւնը կը սահ­­մա­­­նէ որ­­պէս անգլե­­րէն լե­­զուի մի­­ջոցով հայ գրող­­նե­­­րը աւե­­լի շատ մար­­դոց ծա­­նօթաց­­նե­­­լու եւ կը նպա­­տակադ­­րէ հայ գրող­­նե­­­րու հա­­յերէն կամ օտար լե­­զուով գոր­­ծե­­­րը անգլե­­րէնի թարգմա­­նել՝ հարստաց­­նե­­­լու հա­­մար հա­­մաշ­­խարհա­­յին գրա­­կանու­­թիւնը եւ խրա­­խու­­սե­­­լու միջմշա­­կու­­թա­­­յին երկխօ­­սու­­թիւնը։ Օրի­­նակ, Լե­­ւոն Սիւրմէ­­լեան, հա­­յերէ­­նին տի­­րապե­­տելով հան­­դերձ, իր հան­­րա­­­ծանօթ «I Ask You Ladies and Gentlemen» (Ձե­­զի կը դի­­մեմ, տիկ­­նայք եւ պա­­րոնայք) գիր­­քը գրած է անգլե­­րէնով՝ նպա­­տակ ու­­նե­­­նալով աւե­­լի մեծ հան­­րութեան հաս­­նիլ,-- ուղղու­­թիւն մը, որ մին­­չեւ օրս կը շա­­րու­­նա­­­կուի։ Թէեւ ներ­­կա­­­յիս դիւ­­րա­­­մատ­­չե­­­լի թարգմա­­նական առիթ­­ներ կը գտնո­­ւին, հա­­յերէ­­նով ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծե­­­լու նո­­ւազու­­մը հայ գրա­­կանու­­թեան տե­­սանե­­լիու­­թեան հար­­ցը կը բարձրաց­­նէ։ Այ­­նո­­­ւամե­­նայ­­նիւ, մէկ դի դնե­­լով այս բա­­նավէ­­ճը, կ՚ու­­զեմ անդրա­­դառ­­նալ Արիէլ Ճա­­նիկեանին, որուն մա­­սին նոր իմա­­ցայ ՀԳՄՄ-ի կազ­­մա­­­կեր­­պած ձեռ­­նարկնե­­րէն մէ­­կուն շնոր­­հիւ, եւ պատ­­մութեան վե­­րաբե­­րեալ անոր տե­­սակէ­­տին։

Ամե­­րիկա­­հայ գրող եւ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծա­­­կան շա­­րադ­­րութեան ու­­սուցիչ Ճա­­նիկեան հան­­րա­­­ծանօթ է իր եր­­կու վէ­­պերով։ Անոր գրա­­կան պատ­­րաստու­­թիւնը եւ հրա­­պարա­­կումնե­­րը ակա­­նաւոր գրա­­կան շրջա­­նակ­­նե­­­րու մօտ եղած է, ինչպի­­սին է «The Paris Review»-ն (Տը Փե­­րիս Ռի­­վիուն)։ Ալին Օհան­­նէ­­­սեանի տո­­ւած հար­­ցազրոյ­­ցին մէջ, Ճա­­նիկեան կը պատ­­մէ իր «The Prospector» (Ոս­­կե­­­խոյզ) վէ­­պին մա­­սին։ Վէ­­պը կը խօ­­սի Քա­­լիֆոր­­նիաբ­­նակ երկրա­­գործ ըն­­տա­­­նիքի մը մա­­սին, 1849-ի ոս­­կե­­­տեն­­դի ժա­­մանակ­­նե­­­րէն սկսեալ մին­­չեւ օրս, մաս­­նա­­­ւորա­­պէս կեդ­­րո­­­նանա­­լով Ամե­­րիկա­­յի մէջ ոս­­կիի յայտնա­­բերու­­մէն ետք մե­­ծածա­­ւալ գաղ­­թին դէ­­պի Գլոն­­տայք։ Երբ պրպտե­­ցի նա­­խապէս ին­­ծի ան­­ծա­­­նօթ Արիէլ Ճա­­նիկեանի մա­­սին եւ յայտնա­­բերե­­ցի, որ այս նիւ­­թը ար­­ծարծած է իր վէ­­պին մէջ, հե­­տաքրքրա­­շարժ գտայ այս իրո­­ղու­­թեան անդրա­­դառ­­նա­­­լը, եւ հար­­ցադրումներ ծա­­գեցան մէջս այս մա­­սին խօ­­սելու իր դրդա­­պատ­­ճառնե­­րուն առնչո­­ւած։ Մտա­­ծեցի, որ կրնայ ըլ­­լալ Ճա­­նիկեան ներշնչո­­ւած էր իր կար­­դա­­­ցած գիր­­քե­­­րէն, ինչպէս՝ Յա­­կոբ Լ. Պար­­սումեանի «The Armenian Amira Class of Istanbul» (Իս­­թանպու­­լի հայ ամի­­րանե­­րու դա­­սակար­­գը) գոր­­ծէն կամ այլ գոր­­ծե­­­րէ, որոնք կ՚ու­­սումնա­­սիրեն ամի­­րանե­­րու դա­­սակար­­գին եւ հան­­քա­­­գոր­­ծութեան յա­­րաբե­­րու­­թիւնը։ Թե­­րեւս, Նեն­­սի Գրի­­գորեանի նման, Ճա­­նիկեան հայ ըն­­տա­­­նիքի մը փոր­­ձա­­­ռու­­թիւնը կը պատ­­մէր պատ­­մա­­­կան թե­­մայի մը ընդմէ­­ջէն։ Այ­­նո­­­ւամե­­նայ­­նիւ, հար­­ցազրոյ­­ցին ըն­­թացքին հասկցայ, որ վեր­­նո­­­շեալ եր­­կուքէն ան­­կախ էր իր դրդա­­պատ­­ճա­­­ռը։

«The Prospector» վէ­­պին պատ­­մա­­­կան ոլոր­­տը, որ ար­­դիւնքն է եր­­կար ու­­սումնա­­սիրու­­թեան եւ գրե­­լու եր­­կար ըն­­թացքի մը, հիմ­­նո­­­ւած է Ճա­­նիկեանի մօ­­րենա­­կան պատ­­մութեան վրայ։ Ճա­­նիկեանի մօր մօ­­րենա­­կան կող­­մը ամե­­րիկա­­ցի, իսկ հօ­­րենա­­կան կող­­մը հայ է։ Վի­­պագ­­րութեան ըն­­թացքին, Ճա­­նիկեան ու­­սումնա­­սիրած է մո­­ռացու­­թեան են­­թարկո­­ւած աղ­­բիւրներ՝ հին թէ՛ նոր, ի մաս­­նա­­­ւորի կեդ­­րո­­­նանա­­լով Գլոն­­տայքի շրջա­­նին, եւ անոնցմով ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծած է պա­­տում մը, որ անձնա­­կան պատ­­մութիւննե­­րէ հա­­տուած­­ներ կը հիւ­­սէ պաշ­­տօ­­­նական պատ­­մութեան։ Ման­­կուց բազ­­մա­­­թիւ պատ­­մութիւններ լսած է ան իր ըն­­տա­­­նիքէն։ Հար­­ցազրոյ­­ցի ըն­­թացքին, ան յա­­ճախա­­կիօրէն շեշ­­տեց մէկ վէ­­պի մէջ բո­­լոր պատ­­մա­­­կան ու­­սումնա­­սիրու­­թիւններն ու ըն­­տա­­­նեկան պատ­­մութիւննե­­րը մէկ­­տե­­­ղելու ան­­կա­­­րելիու­­թիւնը, ինչպէս նաեւ լու­­սարձա­­կի տակ առաւ իր յա­­րատեւ փոր­­ձը հասկնա­­լու, թէ ի՛նչ մնա­­ցած է իր իսկ անձնա­­կան դրո­­ւագ­­նե­­­րէն եւ պատ­­մութիւ­­նէն։ Ան յա­­ճախ հարց տո­­ւաւ, որ մենք, որ­­պէս ան­­հատներ, ի՛նչ կ՚ընենք մեր պատ­­մութիւ­­նով այ­­սօր եւ ի՛նչ կը հասկնանք ան­­կէ։ Այսպէս ընե­­լով, ան խոր­­քին մէջ անդրա­­դար­­ձաւ այն մտո­­րումնե­­րուն, որոնք մենք բո­­լորս յա­­ճախ կ՚ու­­նե­­­նանք մեր հա­­ւաքա­­կան ան­­ցեալին, պատ­­կա­­­նելիու­­թեան եւ ինքնու­­թեան նկատ­­մամբ։

Հար­­ցազրոյ­­ցէն զիս ամէ­­նէն շատ տպա­­ւորեց Ճա­­նիկեանի պա­­տաս­­խա­­­նը՝ վէ­­պին մէջ որ­­քա­­­նո՞վ մօ­­րենա­­կան կող­­մի պատ­­մութիւ­­նը նե­­րառած ըլ­­լա­­­լուն հար­­ցումին։ Հոս ան մատ­­նանշեց վէ­­պին մէջ հայ­­կա­­­կան ինքնու­­թեան բա­­ցակա­­յու­­թիւնը, ըսե­­լով, որ որ­­պէս հայ ու­­նինք հա­­յոց պատ­­մութեան շուրջ լռու­­թիւն մը, հե­­տեւա­­բար այդ մէ­­կը բնա­­կանա­­բար կ՚ար­­տա­­­ցոլայ այս գիր­­քին մէջ։ Այնպէս որ նոյ­­նիսկ երբ հե­­ղինա­­կը հա­­յերուն մա­­սին չէր պատ­­մեր, ան գի­­տակից էր լռու­­թեան։ Միւս կող­­մէ, անոր մեկ­­նա­­­բանու­­թիւնը հայ կնոջ ոսպնեակէն դի­­տուած 19-րդ դա­­րու կէ­­սերուն հան­­քե­­­րու որոն­­ման մո­­լուցքի հե­­տեւան­­քով յա­­ռաջա­­ցած գաղ­­թի ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը տե­­ղի բնա­­կիչ­­նե­­­րուն վրայ, ակ­­նարկե­­լով իր անձնա­­կան պատ­­մութեան եւ տե­­ղի բնա­­կիչ­­նե­­­րուն փոր­­ձա­­­ռու­­թեան, ին­­ծի յի­­շեցուց գա­­ւառա­­ցիին եւ գաղ­­թի մա­­սին։

Այն իրո­­ղու­­թիւնը, որ հե­­ռուէն, օտար լե­­զուով եւ այլ թե­­մայով ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծող հայ կին գրո­­ղի մը խօս­­քե­­­րը այս կա­­պը ստեղ­­ծե­­­ցին միտ­­քիս մէջ ցու­­ցա­­­նիշ է, որ Ճա­­նիկեան տեղ մը կապ մը հաս­­տա­­­տած է իր հայ ինքնու­­թեան հետ։ Մինչ Ճա­­նիկեան յայտնեց, որ վէ­­պին հե­­րոս­­նե­­­րը չեն պա­­տաս­­խա­­­նած իր «ի՞նչ պի­­տի ընենք այս պատ­­մութիւ­­նով» հար­­ցումին, տպա­­ւորիչ էր տես­­նել զինք, որ­­պէս գրող, իր անձնա­­կան պատ­­մութիւնն ու գրի առ­­նո­­­ւած պատ­­մութեան ար­­տա­­­ցոլա­­ցու­­մին քով քո­­վի բե­­րելը եւ այս կամրջու­­մը գրա­­կանու­­թեամբ փո­­խան­­ցե­­­լը։ Ու­­րա­­­խալի էր իմա­­նալ, որ իր նոր գոր­­ծե­­­րը պի­­տի ընդգրկեն հօ­­րենա­­կան կող­­մէն լսած պատ­­մութիւննե­­րու անդրա­­դարձներ։

Հար­­ցազրոյ­­ցի աւար­­տին, մտա­­ծեցի աշ­­խարհի չորս կող­­մե­­­րը սփռո­­ւած ըլ­­լա­­­լու ար­­դիւնքով ստեղ­­ծո­­­ւած մշա­­կու­­թա­­­յին փո­­խազ­­դե­­­ցու­­թեան տա­­րած­­ման մա­­սին եւ թէ ի՛նչ կը մնայ մեր ներ­­սը՝ մեր մշա­­կու­­թա­­­յին յի­­շողու­­թեան մէջ։ Այս գրու­­թիւննե­­րուն լայն տա­­րածու­­թիւն գտնե­­լը խոր­­քին մէջ մե­­զի առիթ տո­­ւաւ ներ­­հա­­­յեցու­­թեան եւ մեր իսկ յի­­շողու­­թիւնը վե­­րաքննե­­լու։ Այս դի­­տան­­կիւնէն, ար­­ժէ­­­քաւոր կը գտնեմ հայ կին գրո­­ղի մը, օտար լե­­զուով գրած Միացեալ Նա­­հանգնե­­րէն թէ՛ այ­­լուր, ոչ միայն ու­­րիշնե­­րու հաս­­նի­­­լը, այլ նաեւ՝ մեզ ստի­­պելը մեր ինքնու­­թեան վե­­րաբե­­րեալ հար­­ցադրումնե­­րը վե­­րանա­­յելու գրա­­կանու­­թեան ճամ­­բով։

Թարգմա­­նեց՝ Արազ Գո­­ճայեան

Leave a Reply

Առնչուած գրառումներ